Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը կը պատրաստուի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
Այսօր` չորեքշաբթի, 31 օգոստոսին հայրենի կազմը կը մեկնի Քոսովօ, ուր վաղը պիտի կատարէ զտումի մրցում մը` դաշտին տիրոջ դէմ:
Հայաստան իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 6 սեպտեմբերին` Երեւանի մէջ հիւրընկալելով Պելճիքան:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արտակ Ադամեան: