Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան նախավերջին հանգրուանի մրցումներէն ետք, Լիլիթ Մկրտչեան, որ յաղթեց Մարիա Գէորգեանին, ազրպէյճանցի Կունայ Մամազատայի եւ լեհ Ալեքսանտրա Մալցեւսքայայի հետ բաժնեց 2-4-րդ դիրքերը: Անոնք երեքը ունեցան 7,5-ական կէտ:
Էլինա Դանիէլեան, որ այս հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մամազատայի հետ, 7 կէտով բաժնեց 5-9-րդ դիրքերը:
Հայաստանի մնացեալ ներկայացուցիչները` Աննա Սարգսեան եւ Մարիա Գէորգեան, 6,5-ական կէտով բաժնեցին 10-21-րդ դիրքերը:
Միանձնեայ յառաջատարն է Մոնաքոյի ներկայացուցիչը` լեհ Մոնիքա Սոչքօ, որ ապահոված է 8 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի տեղի ունեցած 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Մկրտչեան, որ կը մրցէր սեւ քարերով, 8-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց նոյնինքն Սոչքոյի հետ:
Այսպիսով Մկրտչեան ախոյեանութիւնը աւարտեց 4-րդ դիրքին վրայ` ապահովելով 8 կէտ:
Մկրտչեան, որ արժանացաւ 6 հազար եւրոյի, նաեւ իրաւունք ստացաւ իր մասնակցութիւնը բերելու յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
8,5 կէտով ախոյեան հանդիսացաւ Սոչքօ, որ արժանացաւ նաեւ 10 հազար եւրոյի:
Արծաթէ մետալին տիրացաւ Մամազատա, իսկ պրոնզէ մետալին` Մալցեւսքայա:
Աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն իր տոմսը ապահովեց նաեւ Աննա Սարգսեան, որ 7,5 կէտով գրաւեց 8-րդ դիրքը:
Տիտղոսակիր Էլինա Դանիէլեան 7 կէտով գրաւեց 14-րդ դիրքը:


