Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 20 տարեկան յառաջապահ Գրենիկ Պետրոսեան, որ փոխ տրուած էր Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին, վերադարձաւ իր մաս կազմած ակումբին:
Պետրոսեան, որ Փիւնիկի սան է, իր նորամուտը նշեց 16 տարեկանին, երբ 19 սեպտեմբեր 2018-ին դաշտ ներկայացաւ Ալաշկերտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Նշենք, որ ան այս տարեշրջանին Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած բոլոր` հինգ մրցումներուն:


