Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) սկսած թենիսի «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, երէկ ռուսահայ Կարէն Խաչանով (դասուած` 27-րդ) ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ 2 ժամ եւ 9 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք, 3-6, 6-1, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Տենիս Քուտլային:
Իր կարգին, յաղթական մեկնարկ մը ունեցաւ նաեւ տիտղոսակիր եւ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ռուս Տանիիլ Մետվետեւ, որ 6-2, 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Սթեֆան Քոզլովի:
Աղջկանց մրցումներուն, ռուսահայ Էլինա Աւանեսեան, որ հաստատ քայլերով ապահոված էր Ա. հանգրուանի իր տոմսը, զտումի մրցումներուն արձանագրելէ ետք երեք յաղթանակ, երէկ կրեց 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը սերպ Ալեքսանտրա Քրունիչէն:
Ամերիկացի Սերենա Ուիլիամզ ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք Տանքա Քովինիչի (Մոնթենեկրօ):