Եօթը անգամ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Միքայէլ Շումախըրի որդին, «Հաաս Ֆեռարի» խումբի վարորդ Միք Շումախըր նոր պայմանագրութիւն մը պիտի չկնքէ «Ֆեռարի»-ի ակադեմիային հետ, այս մասին յայտնեց «Մոթորսփոր»-ը:
Կողմերուն միջեւ պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի ընթացիկ տարեշրջանի աւարտին եւ ան իր պայմանագրութիւնը չի փափաքիր երկարաձգել:
Շատ հաւանական է, որ իտալացի Անթոնիօ Ճիովինացի ըլլայ Շումախըրը փոխարինողը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Միք շատ հաւանաբար իր ելոյթները շարունակէ կա՛մ «Ալփին Ռընօ»-ի, կա՛մ «Ուիլիամս-Մերսետես»-ի եւ կա՛մ «Սքուտերիա Ալֆա Թաուրի»-ի հետ:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին Միք Շումախըր, որ ցարդ կրցած է ապահովել միայն 22 կէտ, կը գտնուի ընդհանուր դասաւորման 15-րդ դիրքին վրայ:


