Մարզական

2022-ի Մոնտիալին Եկամուտը`  6 Միլիառ Ամերիկեան Տոլար

2022-ի Մոնտիալին Եկամուտը` 6 Միլիառ Ամերիկեան Տոլար

Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի գործադիր տնօրէն Նասեր Խաթեր խօսեցաւ այն եկամուտներուն մասին, որոնք կրնան յառաջանալ աշխարհի ախոյեանութենէն: ՖԻՖԱ-ն կը գնահատէ, որ աշխարհի ախոյեանութեան եկամուտները կրնան հասնիլ 6 միլիառ ամերիկեան տոլարի, անոր խօսքերը մէջբերեց Քաթարի լրատուական գործակալութիւնը: Նախապէս, Քաթարի իշխանութիւնները յայտնած էին, որ աշխարհի ախոյեանութեան կազմակերպումը երկրին պիտի արժէ 200 միլիառ տոլար` հաշուի առնելով մարզադաշտերու, մեթրոներու, նոր ճամբաներու, պանդոկներու...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Մտադիր Է  Իր Կազմին Միացնել Քանթէն

Փարիզ Սեն Ժերմեն Մտադիր Է Իր Կազմին Միացնել Քանթէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն մտադիր է իր կազմին միացնել լոնտոնեան Չելսիի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի միջնապահ Նկոլօ Քանթէն: Անգլիական խումբին մարզիչը` Թոմաս Թուխել յայտնեց, որ ֆութպոլիստը իր դաշտ ներկայացնելիք  կազմերուն մէջ դժուար թէ նկատի առնուի: 31 տարեկան Քանթէ, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով շուրջ ամիսով մը պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, մինչեւ յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած...

Քաւանի Ունեցաւ Իր Նոր Ակումբը

Քաւանի Ունեցաւ Իր Նոր Ակումբը

Ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի ի վերջոյ ունեցաւ իր նոր ակումբը: Ան միացաւ սպանական Վալենսիային` անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրելով մինչեւ 2024-ի ամառը: Ան իր նոր ակումբին միացաւ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ: Նշենք, որ ան նախորդ տարեշրջանին Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ կատարեց 20 մրցում` նշանակելով 2 կոլ:

Պուրնըմաութ Պաշտօնանկ Ըրաւ  Իր Մարզիչը

Պուրնըմաութ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

«Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Պուրնըմաութ երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` անգլիացի Սքոթ Փարքըրին: 41 տարեկան Փարքըրի հետ թէեւ ակումբը տարեշրջանը սկսաւ յաղթանակով մը` Ասթոն Վիլայի դէմ (2-0), սակայն այնուհետեւ կրեց յաջորդական երեք պարտութիւն` Մանչեսթըր Սիթիէն (4-0), Արսենալէն (3-0) եւ Լիվըրփուլէն (9-0): Այսպիսով, վերջին 18 տարիներուն, ան կը դառնայ առաջին մարզիչը, որ պաշտօնանկ կ՛ըլլայ օգոստոս ամսուան ընթացքին: Վերջին անգամ...

Ծատուրեան Եղբայրներուն Յիշատակին  Նուիրուած Հեծելարշաւի Մրցում

Ծատուրեան Եղբայրներուն Յիշատակին Նուիրուած Հեծելարշաւի Մրցում

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ համագործակցութեամբ Պրումմանայի քաղաքապետարանին, կիրակի, 28 օգոստոս 2022-ին տեղի ունեցաւ Ծատուրեան եղբայրներուն յիշատակին նուիրուած տարեկան մրցումը` հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Մրցումը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Նահր Մոթէն, ուրկէ մինչեւ մրցումին աւարտը մարզիկներուն ընկերակցեցան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանները եւ Կարմիր խաչի ինքնաշարժները` հասնելով մինչեւ Պրումմանա: Ստորեւ` մրցումին արդիւնքները: Massters Ա. Դիրք...

Աւելի Քան Տասնամեակէ Մը Ետք.  Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Ազգային Խումբը  Դարձեա՛Լ Ապահովեց Աշխարհի  Ախոյեանութեան Իր Տոմսը

Աւելի Քան Տասնամեակէ Մը Ետք. Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Ազգային Խումբը Դարձեա՛Լ Ապահովեց Աշխարհի Ախոյեանութեան Իր Տոմսը

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող ՖԻՊԱ-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը 95-63 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հնդկաստանին, կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ անգամ մը եւս եկաւ ապահովելու աշխարհի ախոյեանութեան իր տոմսը, աւելի քան տասնամեակէ մը ետք: Նշենք, որ Լիբանան վերջին անգամ 2010-ին էր, որ ապահոված էր աշխարհի ախոյեանութեան իր տոմսը, երբ այդ ժամանակամիջոցին խումբին...

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական  Ախոյեանութիւն.  Մարիա Գէորգեան 6,5 Կէտով  Երկրորդ Դիրքին Վրայ

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Մարիա Գէորգեան 6,5 Կէտով Երկրորդ Դիրքին Վրայ

Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Մարիա Գէորգեան պարտութեան մատնեց լեհ Ալեքսանտրա Մալցեւսքայան: Ապահովելով 6,5 կէտ` Գէորգեան այժմ կը գտնուի 2-րդ դիրքին վրայ, կէս կէտով միայն ետ մնալով առաջին դիրքին վրայ գտնուող Մոնաքոյի ներկայացուցիչէն` Մոնիքա Սոցքոյէն: Էլինա Դանիէլեան յաղթեց Աննա Սարգսեանին, իսկ Լիլիթ Մկրտչեան` Մէյ Նարվային (Էսթոնիա): Անոնք երկուքը այժմ 6-ական կէտով...

Հայրենի Մարմնամարզիկները Կատարեցին  Ուրարտու-Լեռնային Արցախ  Մրցումին Առաջին Հարուածը

Հայրենի Մարմնամարզիկները Կատարեցին Ուրարտու-Լեռնային Արցախ Մրցումին Առաջին Հարուածը

Ուրարտու-Լեռնային Արցախ ֆութպոլի մրցումին խորհրդանշական առաջին հարուածը կատարեցին Հայաստանի մարմնամարզութեան Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Յարութիւն Մերդինեան, Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան Էրիկ Բաղդասարեան եւ Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան կրկնակի արծաթէ մետալակիր` Համլեթ Մանուկեան: Այս մրցումը աւարտեցաւ Ուրարտուի պարտութեամբ` 3-2 արդիւնքով: Նշենք, Հայաստանի մարմնամարզութեան մեծերու հաւաքականը Եւրոպայի ախոյեանութեան տիրացած էր մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալի, իսկ երիտասարդական հաւաքականը` մէկ ոսկի եւ երկու արծաթ մետալի:...

Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Պիտի Կատարէ

Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Պիտի Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, 29-30 օգոստոսին պիտի կատարէ փորձեր, իսկ 31 օգոստոսէն 3 սեպտեմբեր, մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հայրենի կազմը 4 սեպտեմբերին պիտի մեկնի Հիւսիսային Մակեդոնիա, ուր պիտի մասնակցի «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի զարգացման մրցաշարքին: Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Հիւսիսային Մակեդոնիա, Քոսովօ եւ...

«Լիկ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Պարտութենէ Մը Փրկուեցաւ`  Նէյմարի Նշանակած Կոլին Շնորհիւ

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Պարտութենէ Մը Փրկուեցաւ` Նէյմարի Նշանակած Կոլին Շնորհիւ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Մոնաքոն, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը` յաջորդական երեք յաղթանակէ ետք: Մրցումին 20-րդ վայրկեանին, Մոնաքոյի գերմանացի յառաջապահ Քեւին Ֆոլանտ նշանակեց իր կազմին կոլը: 70-րդ վայրկեանին երկրին գործող ախոյեանը պարտութենէ մը փրկուեցաւ` պրազիլցի Նէյմարի նշանակած փենալթիին շնորհիւ: Մայրաքաղաքի կազմը թէեւ այժմ 10 կէտով կը...

«Լա Լիկա».  Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա` Յաղթական

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա` Յաղթական

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Ռէալ Մատրիտ եւ փոխախոյեան Պարսելոնա յաղթանակներ արձանագրեցին: Ռէալ, որ հիւրը եղաւ Էսփանիոլին, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մայրաքաղաքի կազմին կոլերը նշանակեցին պրազիլցի Վինիսիուս Ժունիոր (12-րդ) եւ ֆրանսացի Քարիմ Պենզեմա (88-րդ եւ 90+10-րդ): Իսկ Պարսելոնա, որ հիւրընկալեց Ռէալ Վայատոլիտը, արձանագրեց 4-0 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը: Լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի տուպլէ մը...

«Ֆորմիւլա-1».  Մաքս Վերսթափեն Յաղթական`  Պելճիքայի Կրան Փրիին

«Ֆորմիւլա-1». Մաքս Վերսթափեն Յաղթական` Պելճիքայի Կրան Փրիին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պելճիքայի կրան փրին, Սփա-Ֆրանքորշան վազքուղիին վրայ: Այս կրան փրին կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Առաջին դիրքը գրաւեց «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերսթափեն, որ արձանագրեց 1 ժամ 25 վայրկեան 52 երկվայրկեան արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց անոր խմբակից Սերճիօ Փերես, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Ֆեռարի»-ի վարորդ Քարլոս Սայնց: Եօթը անգամ աշխարհի...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»  2-4 Սեպտեմբերին` Լիբանանի 44-րդ Ռելին

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» 2-4 Սեպտեմբերին` Լիբանանի 44-րդ Ռելին

Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին, 2-4 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 44-րդ ռելին, «Քորալ-Լիբանան-Ռելի» անուան տակ: Կազմակերպիչ ակումբը, նախորդ շաբաթավերջին, Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ տուաւ յատուկ ասուլիս մը` պաշտօնականացնելու ռելիին կայացումը եւ անոր գծով յաւելեալ լուսաբանութիւններ տալու գլխաւոր նպատակով: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուները, հովանաւոր ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ: Այս...

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Մարիա Գէորգեանի Յաղթարշաւը Ընդհատուեցաւ

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւն. Մարիա Գէորգեանի Յաղթարշաւը Ընդհատուեցաւ

Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած Մարիա Գէորգեան յաջորդական հինգ յաղթանակէ ետք չկրցաւ այլ յաղթանակ մըն ալ արձանագրել, երբ սեւ քարերով 50-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց լեհ Մոնիքա Սոչքոյի հետ: Գէորգեան, որ այժմ ունի 5,5 կէտ, կէս կէտով ետ կը մնայ 6-ական կէտ ունեցող նոյնինքն Սոչքոյէն եւ Կիւնայ...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Էլինա Աւանեսեանի Ա. Հանգրուանի  Մրցակիցը` Ալեքսանտրա Քրունիչ

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Էլինա Աւանեսեանի Ա. Հանգրուանի Մրցակիցը` Ալեքսանտրա Քրունիչ

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսվումըն Էլինա Աւանեսեան, բաւական պայքարելէ եւ զտումի երեք մրցումներու յաղթանակ արձանագրելէ ետք, յաջողեցաւ ապահովել Միացեալ Նահանգներու բաց ախոյեանութեան` «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի իր տոմսը: Ան զտումի մրցումներուն յաղթեց պրազիլցի Լաուրա Փիկոսիին, լեհ Մայա Խվալինսքային եւ ճափոնցի Մոյուքա Ուճիմային: 19 տարեկան Աւանեսեան, որ աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 138-րդ...

Ռուսական Ֆութպոլ.  Էդուարդ Սպերցեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Ռուսական Ֆութպոլ. Էդուարդ Սպերցեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ռուսական Քրասնոտարի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան նախորդ շաբաթավերջին իր կազմին հետ տուպլէ մը իրագործեց Թորփետօ Մոսկուայի դէմ տեղի ունեցած 7-րդ հանգրուանի մրցումին: Հայրենի ֆութպոլիստը իր կոլերը նշանակեց 31-րդ եւ 44-րդ վայրկեաններուն: Այս մրցումը աւարտեցաւ անոր կազմին յաղթանակով` 4-1 արդիւնքով: Սպերցեանի կազմը այժմ 14 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը` երեք կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ...

«Փրեմիեր Լիկ».  Արսենալ 18 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով  Տարեշրջանին Սկսաւ 4 Յաղթանակով

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալ 18 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Տարեշրջանին Սկսաւ 4 Յաղթանակով

Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը 18 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան սկսաւ յաջորդական չորս յաղթանակով: Սպանացի Միկել Արթեթայի գլխաւորած կազմը, որ յաջորդաբար յաղթած էր Քրիսթալ Փալասին (2-0), Լայսթըր Սիթիին (4-2) եւ Պուրնըմաութին (3-0), նախորդ շաբաթավերջին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ֆուլհեմին: Արսենալ, որ 2003-2004 տարեշրջանին սկսած էր չորս յաղթանակով, առանց պարտութիւն կրելու հանդիսացած էր ախոյեան: Իսկ 2004-2005 տարեշրջանին անիկա...

«Պունտըսլիկա».  Պայէրն Միւնիխ Կորսնցուց Տարեշրջանի Իր Առաջին Երկու Կէտը

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Կորսնցուց Տարեշրջանի Իր Առաջին Երկու Կէտը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը եւ դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը, կորսնցուց տարեշրջանի իր առաջին երկու կէտը, երբ անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Հիւր կազմը նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, շնորհիւ ֆրանսացի Մարքուս Թիւրամի (43-րդ), մինչ Պայէրն իր կոլը նշանակեց 83-րդ վայրկեանին, շնորհիւ գերմանացի Լըրոյ Սանէի: Օգտուելով անոր...

Մաքս Մայըր Տեղափոխուեցաւ  Զուիցերիական Ակումբ

Մաքս Մայըր Տեղափոխուեցաւ Զուիցերիական Ակումբ

Գերմանացի միջնապահ Մաքս Մայըր, որ նախապէս մաս կազմած է Շալքէի եւ Քրիսթալ Փալասի, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ ելոյթ ունենալով Զուիցերիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ: Անոր պայմանագրութիւնը Լիւսերնի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2024 տարուան կէսերը: Ան Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ անցեալին իր մասնակցութիւնը բերած է չորս մրցումի եւ դարձած կոլի մը հեղինակը: Նշենք, որ անոր նոր ակումբը այժմ Զուիցերիոյ...

Ռոնալտոյի Տեղափոխութեան Պարագային.  Սփորթինկ Լիզպոնի Մարզիչը  Պիտի Ներկայացնէ Իր Հրաժարականը

Ռոնալտոյի Տեղափոխութեան Պարագային. Սփորթինկ Լիզպոնի Մարզիչը Պիտի Ներկայացնէ Իր Հրաժարականը

Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հարցը կը շարունակէ գրաւել միջազգային մարզական մամուլին ուշադրութիւնը` նկատի ունենալով, որ ցարդ անորոշ է, թէ ան ո՛ր կազմին պիտի միանայ: Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, ներկայիս լուրեր շրջան կ՛ընեն, որ անոր յաջորդ ակումբը պիտի ըլլայ Սփորթինկ Լիզպոնը: Սակայն միեւնոյն ժամանակ ալ կը նշուի, որ եթէ պատահի, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահը տեղափոխուի փորթուգալեան կազմ, վերջինիս մարզիչը` Ռուպեն Ամորին...

Page 372 of 1280 1 … 371 372 373 … 1,280

Արխիւներ