Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով յաղթեց պրազիլցի իր մրցակիցին` Թիակօ Մոնթէյրոյին, 6-3, 6-3, 5-7 եւ 6-4 արդիւնքով, շուրջ երեք ժամ տեւած պայքարէ մը ետք:
Գ. հանգրուանի մրցումներուն, Խաչանով պիտի մրցի անգլիացի Ճեք Տրէյփըրի դէմ:
Իր կարգին, Գ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց մրցաշարքի գործող ախոյեան, աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող ռուս Տանիիլ Մետվետեւ, որ 6-2, 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց ֆրանսացի Արթուր Ռինտերքնեշի:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, 23 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած 40 տարեկան ամերիկացի Սերենա Ուիլիամզ Բ. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց աշխարհի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքը գրաւող էսթոնիացի Անեթ Քոնթեվէյթին դէմ` 7-6, 2-6 եւ 6-2 արդիւնքով:


