Երէկ տեղի ունեցաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի ֆութպոլի պատանեկան Լիկայի Ա. եւ Բ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Փիւնիկ Երեւանի 18 տարեկանէն վար խումբը, որ ընդգրկուած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Վիճակահանութեան արդիւնքին լոյսին տակ, Ա. հանգրուանին երեւանեան կազմը իր դէմ պիտի ունենայ ֆրանսական Նանթ ֆութպոլի խումբը:
Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 սեպտեմբերին` Նանթի մէջ, իսկ դարձի մրցումը` 5 հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ:
Այս մրցումին յաղթականը Բ. հանգրուանին իր դէմ պիտի ունենայ Մոլտը (Նորվեկիա)- Հիպերնիըն (Սկովտիա) մրցումին յաղթականը:
Բ. հանգրուանի երթի մրցումները պիտի կատարուին 26 հոկտեմբերին, իսկ դարձի մրցումները` 2 նոյեմբերին:


