Տինամօ Մոսկուային մաս կազմող հայազգի միջնապահ Արսէն Զախարեանի Չելսի փոխանցումը կրնայ ձախողիլ, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Կողմերը համաձայն են անոր այս փոխանցման, սակայն կարգ մը կէտեր, որոնց կարգին ֆութպոլիստին փոխանցման գումարը, կը խոչընդոտեն Անգլիա անոր տեղափոխութիւնը:
Նշենք, որ մարզիկներու փոխանցման ժամկէտը կ՛աւարտի այսօր, որմէ ետք փոխանցումները կը դադրին:
Զախարեանի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 15 միլիոն եւրոյով: