Փրակայի մէջ (Չեխիա) կը շարունակուի Եւրոպայի աղջկանց ճատրակի անհատական 22-րդ ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի վեց ներկայացուցիչներ:
9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Մարիա Գէորգեան, Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան, որոնք ապահոված են 6,5-ական կէտ, այժմ կէտով մը միայն ետ կը մնան պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մոնիքա Սոչքոյէն (Լեհաստան):
Այս հանգրուանին Գէորգեան պարտութիւն կրեց, մինչ վերջին երկուքը հաւասարութիւն արձանագրեցին:
Աննա Սարգսեան (6 կէտ) եւ Մարիամ Մկրտչեան (5,5 կէտ) յաղթանակ արձանագրեցին, մինչ Սուսաննա Գաբոյեան (4,5 կէտ) պարտութիւն կրեց:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երկու հանգրուան միայն: