Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պիպլոս հիւրընկալեց Նետիմ Սուէյտ Աքատեմին:
Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր խումբին` Նետիմ Սուէյտ Աքատեմիի յաղթանակով, 84-67 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Անթոնի Ֆէյրլի (24 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Նշենք, որ այսպիսով անիկա արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, մինչ ժիպէյլեան կազմը կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը:
Այսօր` շաբաթ, 8 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Աթլաս կը հիւրընկալէ Տինամոն, իսկ վաղը` կիրակի, 9 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Սաժես հիւրը կ՛ըլլայ Հուփսին:


