14-16 հոկտեմբերին Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ սամպոյի դեռահասներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութիւնը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս ախոյեանութեան մասնակցելու համար Երեւան պիտի ժամանեն 500 երկսեռ մարզիկներ, աշխարհի չորս ծագերէն:
Ախոյեանութեան պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 14 հոկտեմբերին, ժամը 17:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: