Երէկ գիշեր «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Զալկիրիս Վիլնիուսը:
Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ պրազիլցի յետսապահ Ժունինիոյի (44-րդ) եւ նիկերիացի յառաջապահ Եուսուֆ Օթուպանժոյի (61-րդ) նշանակած կոլերուն:
Նշենք, որ երկրորդ կոլին փոխանցումը կատարեց, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Յովհաննէս Յարութիւնեան:
Այսպիսով, հայկական կազմը արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, նախորդ մրցումին նոյն արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին, Սլովաքիոյ ախոյեան Սլովանին: