Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ մտադիր չէ իր մասնակցութիւնը բերելու 2026-ի Մոնտիալին:
35 տարեկան ֆութպոլիստը ըսաւ, որ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալը պիտի ըլլայ իր արհեստավարժ ասպարէզին վերջին Մոնտիալը:
Ան ըսաւ, որ տարբեր տեսակի մրցաշարքերու նման, Մոնտիալին ընթացքին ալ մրցակցութիւնը պիտի ըլլայ բաւական սուր` տիտղոսին տիրանալու համար:
Թէեւ իր երկիրը պիտի փորձէ տիրանալ տիտղոսին, սակայն չի նկատուիր տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուն:
Նշենք, որ Մեսսի իր մասնակցութիւնը բերած է չորս Մոնտիալներու (2006, 2010, 2014 եւ 2018)` առանց տիտղոսակիր դառնալ կարենալու:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Արժանթինի մրցակիցները պիտի ըլլան Սէուտական Արաբիա, Մեքսիքա եւ Լեհաստան: