Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեկնարկը Տրուեցաւ «Երեւան Օփըն» Ճատրակի Միջազգային Մրցաշարքին

October 11, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ աջակցութեամբ Երեւանի քաղաքապետութեան, երէկ մեկնարկը տրուեցաւ «Երեւան օփըն» ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ չորրորդ անգամ ըլլալով:

Մրցաշարքին բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեան, նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Տիգրան Աւինեան, Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան, նախկին Խորհրդային Միութեան, ճատրակի Օլիմփիատի եւ աշխարհի խմբային ախոյեանութեան կրկնակի, Եւրոպայի խմբային ախոյեանութեան եռակի ախոյեան Ռաֆայէլ Վահանեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի ճատրակի այլ ներկայացուցիչներ:

Մրցաշարքին բացման հանդիսութենէն ետք, երեք խաղատախտակներու վրայ խորհրդանշական առաջին քայլը կատարեցին Վահրամ Դումանեան, Մխիթար Հայրապետեան եւ Տիգրան Աւինեան:

Նշենք, որ Երեւան առաջին անգամ ըլլալով այս մրցաշարքը հիւրընկալեց 2016-ին, երկրորդը` 2017-ին, իսկ վերջինը` նախորդ տարի:

Այս տարի անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 15 երկիրներէ 292 ճատրակ խաղացողներ` Իրանէն, Վրաստանէն, Ռուսիայէն, Հնդկաստանէն, Ուքրանիայէն, Լիթուանիայէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ղազախստանէն, Սինկափուրէն, Աւստրալիայէն, Յունաստանէն, Թուրքմենիստանէն եւ Հայաստանէն:

Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 14 միլիոն դրամ:

 

Նախորդը

Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները` Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին

Յաջորդը

«Եւրօ-2024». Հայաստանի Հաւաքականին Առաջին Մրցակիցը` Թուրքիա

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Ռիատի 3-րդ Տարին Ըլլալով  Շահեցաւ Ուասլի Բաժակը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Ռիատի 3-րդ Տարին Ըլլալով Շահեցաւ Ուասլի Բաժակը

October 6, 2026
«Սփարք Լիկ».  ՀՄԸՄ-ի Աղջիկները` Ախոյեան
Մարզական

«Սփարք Լիկ». ՀՄԸՄ-ի Աղջիկները` Ախոյեան

October 6, 2026
Ճատրակ.  Հայաստան Հիւրընկալեց Դպրոցականներու  Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստան Հիւրընկալեց Դպրոցականներու Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.