Ռուսական Փոյքովսքի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի շրջանաձեւ մրցաշարքին բաւական յաջող ելոյթ ունեցաւ Հայկ Մարտիրոսեան:
Հայաստանի ներկայացուցիչը իր կատարած 8 մրցումներուն ապահովելով 4,5 կէտ, լրացուցիչ ցուցանիշով գրաւեց երրորդ դիրքը:
Ան թէեւ արձանագրեց յաղթանակ մը միայն` ռուս Վլատիմիր Մալախովի դէմ, սակայն մրցաշարքին ընթացքին մնաց անպարտելի: