Արժանթինցի Խորխէ Սամփաուլի երէկ նշանակուեցաւ սպանական Սեւիլլայի գլխաւոր մարզիչ, այսպիսով փոխարինելով 56 տարեկան իր ազգակիցը` Խուլեն Լոփեթեկին, նշուեցաւ խումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Իր պաշտօնը կորսնցուցած Լոփեթեկի խումբին մարզիչ նշանակուած էր յուլիս 2019-ին:
62 տարեկան Սամփաուլիի նախկին ակումբն էր Մարսէյը, ուրկէ ան հեռացաւ նախորդ ամրան ընթացքին:
Անոր պայմանագրութիւնը Սեւիլլայի հետ, նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024:
Ան այսպիսով երկրորդ անգամ ըլլալով կը ստանձնէ Սեւիլլայի մարզիչի պաշտօնը. առաջին անգամ` 2016-2017 տարեշրջանին: