Սպանիոյ եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն մամլոյ քարտուղարութիւնները յայտնեցին, որ Ուքրանիա միացաւ իրենց առաջադրած թեկնածութեան` հիւրընկալելու համար 2030-ի Մոնտիալը:
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Լուիս Ռուպիալես յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ իրենց միացումով, անկասկած, իրենց թեկնածութիւնը աւելի պիտի զօրանայ:
Նշենք, որ 2030-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար միացեալ թեկնածութիւն առաջադրած են Եգիպտոս, Յունաստան եւ Սէուտական Արաբիա, ինչպէս նաեւ` Ուրուկուէյ, Արժանթին, Փարակուէյ եւ Չիլի: