Իտալացի մարզիչ Քլաուտիօ Ռանիերի մերժեց վերստին ստանձնել Սամտորիայի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Ասիկա կը նշանակէ, որ Տեժան Սթանքովիչին փոխարինող գլխաւոր թեկնածուն այժմ կը հանդիսանայ Մարքօ Ճիամփաուլի:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ռանիերի շատ հաւանաբար, որ ստանձնէ Նոթինկհամ ֆորեսթի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ անգլիական կազմը կը մտադրէ պաշտօնանկ ընել Սթիւ Քուփըրին:
Նշենք, որ 70 տարեկան Ռանիերիի վերջին ակումբը հանդիսացաւ Ուաթֆորտ: