Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան` Խապի Ալոնսօ նշանակուեցաւ Պայէր Լեւերքուզընի գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
40 տարեկան սպանացին, որ փոխարինեց զուիցերիացի Ժերարտօ Սէոանէն, իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է` Ռէալ Սոսիետատի, Լիվըրփուլի, Ռէալ Մատրիտի եւ Պայէրն Միւնիխի:
Իսկ իբրեւ մարզիչ ան եղած է Ռէալ Մատրիտի պատանեկան խումբի եւ Ռէալ Սոսիետատի երկրորդ խումբի գլխաւոր մարզիչ:
Նշենք, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պայէր Լեւերքուզըն 5 կէտով միայն կը գրաւէ դասաւորման 17-րդ եւ նախավերջին դիրքը:


