Ալպանիոյ Ռոկոզինէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Բ. դասակարգի Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մրցեցաւ Լաթվիոյ դէմ, անկէ կրեց 13-0 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութիւն մը (կիսախաղ` 7-0):
Նշենք, որ ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Գագիկ Տէր Գէորգեան: