Ժիւտօ. Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան Պիտի Ունենայ Հինգ Մասնակից
Վրաստանի Կորի քաղաքին մէջ իր ուսումնամարզական հաւաքը աւարտեց Հայաստանի 23 տարեկանէն վար ժիւտոյի հաւաքականը` գլխաւոր մարզիչ Յովհաննէս Դաւթեանի գլխաւորութեամբ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անոր աւարտէն անմիջապէս ետք, հայրենի կազմը մեկնեցաւ Պոսնիոյ մայրաքաղաք Սարայեւօ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, որուն մեկնարկը պիտի տրուի այսօր. անիկա պիտի աւարտի շաբաթ, 29 հոկտեմբերին: Այս ախոյեանութեան...




















