Վրաստանի Կորի քաղաքին մէջ իր ուսումնամարզական հաւաքը աւարտեց Հայաստանի 23 տարեկանէն վար ժիւտոյի հաւաքականը` գլխաւոր մարզիչ Յովհաննէս Դաւթեանի գլխաւորութեամբ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անոր աւարտէն անմիջապէս ետք, հայրենի կազմը մեկնեցաւ Պոսնիոյ մայրաքաղաք Սարայեւօ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, որուն մեկնարկը պիտի տրուի այսօր. անիկա պիտի աւարտի շաբաթ, 29 հոկտեմբերին:
Այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ հետեւեալ հինգ մարզիկներով. Երուանդ Ներսէսեան (60 քկ), Ստեոպա Դարբինեան, Արտեոմ Ղալաչեան (66 քկ), Արտակ Թորոսեան եւ Արսէն Աւետիսեան (73 քկ):


