Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Նորպերթօ Բալեկեան իր ակումբին` Պոքա Ժունիորզի հետ հռչակուեցաւ Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեան:
Անոր կազմը 27-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք ապահովեց 52 կէտ, մինչ անոր ետին գտնուող եւ փոխախոյեան հանդիսացած Ռասինկ` 50 կէտ:
Այսպիսով, Պոքա Ժունիորզ 35-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրի ախոյեան:
Մրցանշակիրն է Ռիվըր Փլէյթ, որ ախոյեանութեան տիտղոսը ապահոված է 36 անգամ: