Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Պէյրութ մրցումը:
ՀՄԸՄ, որ իր կատարած նախորդ երեք մրցումներուն պարտուած էր, կրեց տարեշրջանի իր չորրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` 106-82 արդիւնքով (14-28, 24-29, 24-22 եւ 20-27):
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ժերըտ Տուայն (21 կէտ եւ 14 ռիպաունտ), մինչ 32 կէտ նշանակեց Ճեսի Ճոնզ:
Իսկ Պէյրութէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Օմար Ժամալէտտին (25 կէտ եւ 11 ռիպաունտ), Ալի Հայտար նշանակեց 28 կէտ, մինչ Քենեթ Հորթըն` 20 կէտ:


