Վիարէալի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Քիքէ Սեթիէն, նշանակուեցաւ խումբի գլխաւոր մարզիչ` մինչեւ յունիս 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:
Ան փոխարինեց Ունայ Էմերին, որ իր պաշտօնը լքելով ստանձնեց Ասթոն Վիլլայի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:
Նշենք, որ 2020-ին Պարսելոնայի կողմէ պաշտօնանկ ըլլալէ ետք ան կը մնար առանց պաշտօնի:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանի 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Վիարէալ 18 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը:


