Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնային մաս կազմող 30 տարեկան սպանացի միջնապահ Սերճի Ռոպերթօ շուրջ մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
30 տարեկան Սերճի ձախ ուսի վնասուածք ստացաւ նախորդ շաբաթավերջին, Աթլեթիք Պիլպաոյի դէմ կատարուած «Լա Լիկա»-ի մրցումին ընթացքին:
Ան իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 31 դեկտեմբերին, Էսփանիոլի դէմ տեղի ունենալիք քաթալոնական տերպիին: