Աթլեթիզմի խթանիչ դեղերու դէմ գործածութեան կազմակերպութիւնը («ԷՅ. ԱՅ. ԵՈՒ.») պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ յայտնեց, որ ռուս Նաթալիա Անթեուխէն խլուեցաւ 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիականին անոր տիրացած ոսկի մետալը, երբ փաստուեցաւ, որ այդ խաղերուն ան խթանիչ դեղեր օգտագործած է:
Ան 2012-ի ողիմպիականին տիրացած էր 400 մեթր արգելարշաւի ոսկի մետալին:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 15 յուլիս 2012-29 յունիս 2013 ժամանակամիջոցին անոր արձանագրած բոլոր արդիւնքները չեղեալ նշուեցան:
41 տարեկան Անթեուխ իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտած էր փետրուար 2017-ին: