Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Իւնիոն Պերլին 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Պոխումէն:
Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, թէեւ անիկա կը մնայ դասաւորման առաջին դիրքին վրայ, այսուհանդերձ անոր դիրքը այժմ վտանգուած է` նկատի ունենալով, որ երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հոֆընհայմի դաշտէն, այժմ միայն կէտով մը ետ կը մնայ անկէ:
Իւնիոն Պերլին այժմ ունի 23 կէտ, Պայէրն Միւնիխ` 22 կէտ, իսկ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ֆրայպուրկ` 21 կէտ: