Երէկ` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան չորս ճակատումներ:
Ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրը եղաւ Ֆէոնիքս Սանզին, անկէ կրեց 134-105 արդիւնքով պարտութիւն մը (37-29, 35-37, 33-20 եւ 24-26):
Յաղթական կազմէն Տեւին Պուքըր նշանակեց 34 կէտ, իսկ Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի` 21 կէտ:
Նշենք, որ երկու յաղթանակ արձանագրած Ուորիըրզ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը:
Լուքա Տոնքիչ թէեւ նշանակեց 37 կէտ, սակայն անոր կազմը` Տալաս Մավըրիքս, երկու կէտի տարբերութեամբ` 113-111 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Նիւ Օրլինզի դաշտէն:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, երկու կազմեր միայն` Միլուոքի Պաքս (արեւելեան շրջան) եւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ (արեւմտեան շրջան) պարտութիւն կրած չեն:
Իսկ երեք խումբեր` Օրլանտօ Մեճիք (արեւելեան շրջան), Սաքրամենթօ Քինկզ եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (արեւմտեան շրջան) ցարդ յաղթանակ չեն կրցած արձանագրել:


