Մարզական

«Ֆորմիւլա-1».  Ռետ Պուլ Ապահովեց Աշխարհի  Ախոյեանութեան Տիտղոսը

«Ֆորմիւլա-1». Ռետ Պուլ Ապահովեց Աշխարհի Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1-»-ի 2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի կրան փրին` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Անիկա վերջ գտաւ նետերլանտցի Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ արդէն իսկ ապահոված էր ախոյեանութեան տիտղոսը: Այս կրան փրիին տիրանալով, այսպիսով Վերսթափեն կրկնեց Միքայէլ Շումախըրի եւ Սեպասթիան Վեթթելի մրցանիշը` տարեշրջանի մը ընթացքին իր արձանագրած յաղթանակներուն գծով: Այժմ երեքն ալ ունին 13-ական յաղթանակ. Շումախըր այդ իրագործումը կատարած էր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Սաժես Պէյրութ Արձանագրեց Տարեշրջանի  Իր Չորրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Պէյրութ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Չորրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 23 հոկտեմբերին կատարուեցան երկու մրցումներ: Սաժես Պէյրութ, որ Ղազիրի իր դաշտին վրայ իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան հիւրընկալեց Տինամոն, արձանագրեց 78-66 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը (21-23, 17-14, 16-16 եւ 24-13): Սաժեսէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Քլիֆ Ալեքսանտր (25 կէտ, 16 ռիպաունտ) եւ Փաթրիք Պու Ապպուտ (11 կէտ...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Անի Յովսէփեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Անի Յովսէփեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Անի Յովսէփեան 70 քկ դասակարգի մրցումներու աւարտականին մրցեցաւ իրլանտացի Քրիսթինա Տեսմոնտի դէմ, արձանագրելով 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Այսպիսով, ան հայկական կռփամարտի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ առաջին կին մարզիկը, որ կը հանդիսանայ Եւրոպայի ախոյեան: Նշենք, որ կիսաւարտականին Հայաստանի հաւաքականի անդամը 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թամարա Ռատունովիչը (Մոնթենեկրօ), իսկ...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի  20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Լիանա Գիւրջեան, Սուրէն Գրիգորեան  Եւ Արա Աղասեան Հանդիսացան Ախոյեան  Էմմա Պօղոսեան Եւ Պետրոս Պօղոսեան` Փոխախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Լիանա Գիւրջեան, Սուրէն Գրիգորեան Եւ Արա Աղասեան Հանդիսացան Ախոյեան Էմմա Պօղոսեան Եւ Պետրոս Պօղոսեան` Փոխախոյեան

Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Եւրոպայի մեծահասակներու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի երիտասարդական ախոյեան Լիանա Գիւրջեան (81 քկ), նախորդ շաբաթավերջին երրորդ անգամ ըլլալով  (նախապէս` 2019-ին եւ 2021-ին) տիրացաւ Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ոսկի մետալին: Ան երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 223 քկ արդիւնք մը (98+125): Նոյն դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Էմմա Պօղոսեան, անոր ետին հանդիսացաւ փոխախոյեան`...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի  23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Վազգէն Թեւանեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին  Եւ Հռչակուեցաւ Աշխարհի Ախոյեան.Արսէն Յարութիւնեան` Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Աշխարհի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Վազգէն Թեւանեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին Եւ Հռչակուեցաւ Աշխարհի Ախոյեան.Արսէն Յարութիւնեան` Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեան

Սպանիոյ Փոնթեւետրա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Վազգէն Թեւանեան ոսկի մետալ մը ապահովեց Հայաստանին: 65 քկ դասակարգի մրցումներուն, 2020-ին աշխարհի բաժակակիր հանդիսացած Թեւանեան, որ աւարտականին մրցեցաւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Համզա Ալաճայի դէմ, արձանագրելով 8-4 արդիւնքով յաղթանակ մը հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան: 61 քկ դասակարգի մրցումներուն, Արսէն Յարութիւնեան երկրորդ անգամ հռչակուեցաւ աշխարհի...

«Եու. Էֆ. Սի.-280».  Արմէն Պետրոսեան Յաղթեց  Ամերիկացի Իր Մրցակիցին

«Եու. Էֆ. Սի.-280». Արմէն Պետրոսեան Յաղթեց Ամերիկացի Իր Մրցակիցին

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Արմէն Պետրոսեանի յաղթանակով աւարտեցաւ Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած խառն մենամարտերու` «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ. -280» շարքի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած ճակատումը` ամերիկացի Էյ-ճէյ Տոպսոնի դէմ: Իրաւարարները միաձայնութեամբ յաղթանակը շնորհեցին հայ մարտիկին` 30-27, 30-27 եւ 30-27 արդիւնքով: Մինչ Պետրոսեան խառն մենամարտերուն արձանագրեց իր 8-րդ յաղթանակը` 10 մենամարտերու ընթացքին, անդին Տոպսոն կրեց իր երկրորդ...

«Քալչիօ».  Հենրիխ Մխիթարեան Կերտեց  Ինթեր Միլանի Յաղթանակը

«Քալչիօ». Հենրիխ Մխիթարեան Կերտեց Ինթեր Միլանի Յաղթանակը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրի փոխախոյեան Ինթեր Միլան, որ հիւրը եղաւ Ֆիորենթինային, արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը` 4-3 արդիւնքով: Մինչ կը կարծուէր, որ մրցումը պիտի աւարտի 3-3 արդիւնքով հաւասարութեամբ, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան եկաւ կերտելու միլանեան կազմին յաղթանակը, երբ նշանակեց մրցումին 7-րդ եւ վերջին կոլը... 90+5-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ...

Կիպրական Ֆութպոլ.  Վարազդատ Հարոյեան Նշանակեց Իր Առաջին Կոլը

Կիպրական Ֆութպոլ. Վարազդատ Հարոյեան Նշանակեց Իր Առաջին Կոլը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան նախորդ շաբաթավերջին նշանակեց իր առաջին կոլը` Անորթոսիսի հետ: Կիպրոսի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Անորթոսիս, որ հիւրընկալեց Տոքսա Քաթոքոփիան, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հարոյեան, որ 58-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Անորթոսիս այժմ 11 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը` 9 կէտով ետ...

«Փրեմիեր Լիկ».  Նոթինկհամ Ֆորեսթ  Յաղթեց Լիվըրփուլին

«Փրեմիեր Լիկ». Նոթինկհամ Ֆորեսթ Յաղթեց Լիվըրփուլին

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նոթինկհամ Ֆորեսթ, որ հիւրընկալեց Լիվըրփուլը, անոր դէմ արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց նիկերիացի յառաջապահ Թայվօ Աւոնիյէ, 55-րդ վայրկեանին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ֆորեսթ 12 կէտով կը շարունակէ մնալ ընդհանուր դասաւորման 20-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ, մինչ Լիվըրփուլ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը` 16 կէտով: Դասաւորման պարագլուխի...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութեան.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Տարեշրջանը  Սկսաւ Պարտութեամբ

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութեան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Տարեշրջանը Սկսաւ Պարտութեամբ

Երէկ` ուրբաթ, 21 հոկտեմբերին, մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր կատարած առաջին մրցումին Էմիլ Լահուտի համալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Հըրրիէ Սայտայի դէմ, տարեշրջանին սկսաւ պարտութեամբ` 5-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-0): ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Սերժ Գույումճեան` 27-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը առաջին անգամ ըլլալով...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի  20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Սուրէն Գրիգորեան Եւ Միլենա Խաչատրեան  Հանդիսացան Եւրոպայի Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Սուրէն Գրիգորեան Եւ Միլենա Խաչատրեան Հանդիսացան Եւրոպայի Ախոյեան

Ալպանիոյ մէջ շարունակուող Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սուրէն Գրիգորեան Հայաստանի համար ապահովեց երրորդ ոսկի մետալը: 89 քկ դասակարգին մէջ,Գրիգորեան երկրամարտի մրցումներուն արձանագրեց 340 քկ արդիւնք մը: Նոյն դասակարգին մէջ, Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը` Գէորգ Ղահրամանեան գրաւեց հինգերորդ դիրքը` արձանագրելով 325 քկ արդիւնք մը` երկամարտի մրցումներուն: Աղջկանց 76 քկ դասակարգին մէջ, իր կարգին Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Միլենա Խաչատրեան,...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի  23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Վազգէն Թեւանեան Ապահովեց  Աւարտականի Իր Տոմսը

Ըմբշամարտ. Աշխարհի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Վազգէն Թեւանեան Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Սպանիոյ Փոնթեվետրա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Վազգէն Թեւանեան ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Աշխարհի բաժակակիրը, 65 քկ դասակարգի կիսաւարտականի մրցումին, 7-6 արդիւնքով յաղթեց իր ղազախ մրցակիցին` Ատլան Ասքարովին: Աւարտականին, Թեւանեան պիտի մրցի թուրք Համզա Ալաճանի դէմ: Հայաստանի այլ ներկայացուցիչներ իրենց արձանագրած ոչ համոզիչ արդիւնքներուն շնորհիւ մրցանակային դիրքեր գրաւելու իրենց յոյսերը...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Աղջկանց  Ախոյեանութիւն. Սոնա Յարութիւնեան Եւ Եքաթերինա  Սիչեւա Տիրացան Պրոնզ Մետալի. Անի Յովսէփեան Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Կռփամարտ. Եւրոպայի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Սոնա Յարութիւնեան Եւ Եքաթերինա Սիչեւա Տիրացան Պրոնզ Մետալի. Անի Յովսէփեան Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի աղջկանց ախոյեանութեան, երէկ Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացան երկու պրոնզ մետալի: Հայաստանի հաւաքականի անդամ Եքաթերինա Սիչեւա թէեւ 54 քկ դասակարգին մէջ հասաւ կիսաւարտականին, սակայն 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով բաւարարուեցաւ պրոնզ մետալով: Իր կարգին, կիսաւարտական հանգրուանի արգելքը չկրցաւ շրջանցել Սոնա Յարութիւնեան` պարտութիւն մը կրելով ուքրանացի իր մրցակիցէն: 70 քկ դասակարգի մրցումներուն սակայն, Հայաստանի ներկայացուցիչ...

Կռփամարտ.  Դաւիթ Աւանեսեան Կը Մենամարտի  Աշխարհի Ախոյեանին Դէմ

Կռփամարտ. Դաւիթ Աւանեսեան Կը Մենամարտի Աշխարհի Ախոյեանին Դէմ

Ռուսիան ներկայացնող հայ կռփամարտիկ, միջին քաշային կարգի Եւրոպայի ախոյեան («Ի. ՊԻ. ԵՈՒ.») Դաւիթ Աւանեսեան պիտի մենամարտի ամերիկացի անպարտելի կռփամարտիկ, «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ՍԻ. »-ի, «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի, «ԱՅ. ՊԻ. ԷՖ. »-ի, «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. Օ. »-ի, «Տը Ռինկ» առաջին միջին քաշային կարգի աշխարհի ախոյեան Թերենս Քրոֆորտի դէմ (38-0, 29 նաք-աութ): Աւանեսեան (29-3-1, 17 նաք աութ), իր այս մենամարտը պիտի կատարէ 10...

Ճատրակ.  Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան  Հանդիսացաւ Երկրորդ

Ճատրակ. Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան Հանդիսացաւ Երկրորդ

Արժանթինի Վիչենթէ Լոփեզ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը` «Ապերթօ Ինթերնասիոնալ Փրօ Ամ 100 Անոս ՖԱՏԱ» անունին տակ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 173 ճատրակ խաղացողներ, որոնցմէ 20-ը` մեծ վարպետներ: Պրազիլահայ Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան, որ իր կարգին այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ, ապահովեց 7 կէտ` արձանագրելով 6 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրելով պարտութիւն մը միայն: Ան հանդիսացաւ երկրորդ` կէս...

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Պարտուեցաւ Իրլանտայէն

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Պարտուեցաւ Իրլանտայէն

Իրլանտայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի հաւաքականը, որ մրցեցաւ Իրլանտայի իր հասակակիցներուն դէմ, կրեց 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը (կիսախաղ` 0-0): Իրլանտա իր կոլերը նշանակեց 51-րդ, 78-րդ, 81-րդ (փենալթիով) եւ 86-րդ վայրկեաններուն: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահէ Յարութիւնեան:  

Չելսի Պիտի Երկարաձգէ Լուքաքուի  Պայմանագրութիւնը

Չելսի Պիտի Երկարաձգէ Լուքաքուի Պայմանագրութիւնը

Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը ամէն գնով մտադիր է պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքուի պայմանագրութիւնը երկարաձգել: Միլանեան ակումբը, որ Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ինթեր Միլանէն փոխ առաւ 29 տարեկան ֆութպոլիստը, կը փափաքի անոր պայմանագրութիւնը տարիով մը երկարաձգել: Նշենք, որ շաբաթէ մը ի վեր ան վնասուածքի պատճառով բացակայ է իր կազմէն:  

Թիպօ Քուրթուա Վերսկսաւ  Իր Փորձերուն

Թիպօ Քուրթուա Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա վերսկսաւ իր փորձերուն` իտալացի Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմին ընդհանուր խումբին հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Շատ հաւանական է, որ ան իր մասնակցութիւնը բերէ այսօր` շաբաթ, 22 հոկտեմբերին, Սեւիլլայի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 11-րդ հանգրուանի մրցումին: Քուրթուա վիրաւոր ըլլալով այս ամսուան սկիզբէն բացակայ է ֆութպոլի դաշտերէն: Ընթացիկ...

Ասթոն Վիլլա Պաշտօնանկ  Ըրաւ Սթիւըն Ժերարը

Ասթոն Վիլլա Պաշտօնանկ Ըրաւ Սթիւըն Ժերարը

Նոյեմբեր 2021-ին Ասթոն Վիլլայի մարզիչ նշանակուած Սթիւըն Ժերար կորսնցուց իր պաշտօնը, երբ ակումբին ղեկավարութիւնը յայտնեց անոր պաշտօնազրկման լուրը: «Շնորհակալ ենք անոր կատարած ծանր աշխատանքին եւ նուիրուածութեան համար: Անոր կը մաղթենք լաւագոյնը` ապագային», նշուեցաւ ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, խումբը կրեց 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Անկէ անմիջապէս ետք, ակումբը որոշեց պաշտօնազրկել...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կրեց Տարեշրջանի  Իր Երրորդ Պարտութիւնը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կրեց Տարեշրջանի Իր Երրորդ Պարտութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութ կատարեց տարեշրջանի իր առաջին մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երբ պէյրութեան տերպիի մրցումին հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը: Մրցումը վերջ գտաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 113-85 արդիւնքով (23-29, 26-33, 23-26 եւ 13-25), ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ՀՄԸՄ կրէ տարեշրջանի իր երրորդ պարտութիւնը:...

Page 355 of 1280 1 … 354 355 356 … 1,280

Արխիւներ