Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 25 հոկտեմբերին ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Պէյրութի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ թէեւ ցարդ կրած է երեք պարտութիւն, սակայն բաւական զգալի է, որ խումբը հետզհետէ կը բարելաւէ իր խաղարկութիւնը եւ ապագայի հաշուոյն կրնայ շատ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել:
Հետեւաբար, այսօրուան այս մրցումը ատիկա փաստելու լաւագոյն առիթն է, նոյնիսկ եթէ մրցակիցը Լիբանանի ախոյեան` Պէյրութն է:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն այսօր ամէն գնով կ՛ակնկալուի արձանագրել տարեշրջանի իրենց առաջին յաղթանակը` իրենց համակիրներուն ներկայութեան:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 18:30-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն պիտի ուղղուին Մըզհեր:
Այսօր ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը` քաջալերելու եւ նեցուկ կանգնելու համար իրենց խումբին:
Նշենք, որ այս հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Ռիատի Պէյրութ 104-69 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Տիք Մըհտիէն, ուր պարտութեան մատնեց Շանվիլը:
Մրցումին եւ Ռիատիի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մայքըլ Քուալզ (26 կէտ), մինչ Ռիատիի խմբապետ Հայկ Կէօքճեան` 21 կէտ: