Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Անսար` Ցարդ Անպարտելի Միակ Կազմը

October 25, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումները:

Շաբթուան գագաթի ճակատումին, Անսար, որ Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ Պըրժի դէմ, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ Հասան Մաաթուքի եւ Հաժ Մալեքի (երկու կոլ) նշանակած կոլերուն:

Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Անսար մնաց անպարտելի միակ կազմը, մինչ Պըրժ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:

Պըրժ այժմ 18 կէտով կը շարունակէ մնալ պարագլուխի դիրքին վրայ, մինչ անկէ կէտով մը միայն ետ կը մնայ Անսար:

Մնացեալ մրցումներուն, Ահտ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Սաֆային, Նըժմէ` Շապապ Ղազիէին (2-0), Ախա Ահլի Ալէյ` Սալամ Զղարթային (2-0), Թատամոն Սուր` Սաժեսին (2-1), մինչ Թրիփոլի Ռիատի-Շապապ Սահել մրցումը վերջ գտաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ:

Նշենք, որ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Թրիփոլի Ռիատի միակ կազմն է, որ ցարդ յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել:

Այս հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Հաժ Մալեք (Անսար) 10 կոլով կը գրաւէ ռմբաձիգներուն պարագլուխի դիրքը:

Ինչ կը վերաբերի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, 7-րդ հանգրուանին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.

Մապարրա-Շապապ Պըրժ` 4-0, Իժթիմահի Թրիփոլի-Ռիատի Ապպասիէ` 1-4, Իսլահ Պըրժ Շիմալի-Ահլի Սայտա` 3-0, Ահլի Նապաթիէ-Ռասինկ` 1-1, Նահտա Պար Էլիաս-Պընթ Ժպէյլ` 2-1 եւ Սփորթինկ Ռիատի Պէյրութ-Թաժամոհ Շապապ Պաալպեք` 0-1:

Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Ռասինկ 16 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ անոր ետին կը գտնուին Թաժամոհ Շապապ Պաալպեք եւ Ահլի Նապաթիէ (14-ական կէտ):

Վերջին դիրքին վրայ գտնուող Շապապ Պըրժ, որ ցարդ միակ խումբն ըլլալով յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել, իր տրամադրութեան տակ ունի միայն կէտ մը:

Ցարդ ամէնէն շատ կոլ (6-ական կոլ) նշանակած են Ալի Մուսաուի (Ռասինկ) եւ Հասան Ֆաքիհ (Ռիատի Ապպասիէ):

 

 

Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 20 Եւ 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Եաշա Մինասեան Եւ Ժուլիեթա Աւանեսեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան. Լուիզա Սահրադեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Պէյրութ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.