Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Աժաքսիոյին, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ Քիլիան Էմպափէի (24-րդ եւ 82-րդ) եւ Լիոնել Մեսսիի (78-րդ) նշանակած կոլերուն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մայրաքաղաքի կազմը ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 32 կէտ:
Նշենք, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն միակ խումբն ըլլալով ցարդ պարտութիւն չէ կրած:
Անոր ետին գտնուող Լանս եւ Լորիան ունին 27-ական կէտ:
Մարսէյ, որ այս հանգրուանին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Լանսէն, այժմ 23 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը: