«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը Ֆրետրիքսթատի մէջ մրցեցաւ դաշտին տիրոջ` Նորվեկիոյ դէմ:
Մրցումը վերջ գտաւ Նորվեկիոյ յաղթանակով` 7-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 5-0):
Յաղթական կազմէն եօթը վայրկեանի ընթացքին հեթրիքի հեղինակ դարձաւ Վալլի Էկըլի:
Մրցումին եօթը կոլերէն մէկը նշանակեց Հայաստանէն Գոռ Վանոյեան (61րդ), սխալմամբ իր բերդին մէջ: