Փորթուգալի ազգային խումբի յարձակող Քրիսթիանօ Ռոնալտօ փոխադարձ համաձայնութեամբ, պայմանագիրի ժամկէտէն շուտ լքեց Մանչեսթըր Եունայթըտը: Անգլիական ակումբին կողմէ լոյս տեսած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուէր. «Ակումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ռոնալտոյին` «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ բոլորած երկու ժամանակաշրջաններուն ընթացքին ունեցած ներդրումին համար, որուն ընթացքին կատարած 346 մրցումներուն ընթացքին նշանակած է 145 կոլ»:


