Սկովտիական Ռէյնճըրզ ակումբի ղեկավարութիւնը պաշտօնէն հեռացուց խումբին գլխաւոր մարզիչ Ճիովանի Վան Պրոքհորսթը: Հոլանտացի Պրոքհըրսթ անցեալ նոյեմբերին ստանձնած էր սկովտիական ակումբին մարզիչի պարտականութիւնը` փոխարինելով Սթիվըն Ճերարտը: Այդ կարճ ժամանակամիջոցին Ռէյնճըրզ շահեցաւ Սկովտիոյ բաժակը եւ հասաւ «Եուրոփա Լիկ»-ի աւարտականին:
Ակումբին ղեկավարութիւնը աւելի փայլուն արդիւնքներ կ՛ակնկալէր Վան Պրոքհորսթէն: Ընթացիկ տարուան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի եւ Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ Ռէյնճըրզի ոչ գոհացուցիչ արդիւնքները պատճառ դարձան, որ այլ մարզիչ մը փոխարինէ Վան Պրոքհորսթը:
Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը ներկայիս կը գլխաւորէ Ռէյնճըրզի ոխերիմ մրցակից Սելթիքը: Վերջինս ինը կէտերու առաւելութիւն մը կը վայելէ Ռէյնճըրզի նկատմամբ: