Հայաստանի եւ Կիպրոսի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան մը լոյսին տակ, զոյգ երկիրներու ազգային խումբերը ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը պիտի կատարեն 28 մարտին, Վազգէն Սարգսեանի անուան «Հանրապետական» մարզադաշտին մէջ:
Նշենք, որ Հայաստանի ազգային խումբը գլխաւոր մարզիչ չունի ներկայիս: Մարզիչի պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս կը կատարէ Ռոման Բերեզովսքի: