Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնտիալ 2022. Անակնկալներու Մոնտիալը

Նոյեմբեր 28, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոք Պատմական Յաղթանակ Մը Տարաւ
Պելճիքայի
Դէմ

Մոնտիալ 2022-ի ցարդ արձանագրուած արդիւնքներէն դատելով` բազմաթիւ անակնկալներ պիտի դրոշմուին  ֆութպոլասէրներու յիշողութիւններուն մէջ:

Զ. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն գծով,  աշխարհի բաժակի տիտղոսի յաւակնորդ Պելճիքայի հաւաքականը 2-0 արդիւնքով   պատմական պարտութիւն մը կրեց Մարոքէն (կիսախաղ` 0-0): Մրցումը տեղի ունեցաւ «Թումամա» մարզադաշտին մէջ, 43.738  մարզասէրներու ներկայութեան: Սապրի` 73-րդ   եւ Ապուխլալ  92-րդ վայրկեաններուն  նշանակեցին մարոքցիներուն կոլերը:

Երկուքական մրցումներէ ետք, Մարոքի հաւաքականը ունի չորս կէտ, Պելճիքա` երեք:

Զ. խմբակին մէջ Պելճիքա  իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Խրուաթիոյ դէմ, Մարոք` Քանատայի: Զոյգ մրցումները տեղի պիտի  ունենան 1 դեկտեմբերին:

Քոսթա Ռիքա Անակնկալի Մատնեց Ճափոնը

Մոնտիալ 2022-ի Ե. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն գծով իրար դէմ մրցեցան Ճափոնի եւ Քոսթա Ռիքայի հաւաքականները: Մրցումը տեղի ունեցաւ «Ահմետ Պըն Ալի» մարզադաշտին մէջ, 41.479 մարզասէրներու  ներկայութեան: Առաջին կիսախաղը  ընթացաւ  ճափոնցիներու տիրապետութեամբ: Բ. կիսախաղին, քոսթառիքացիները հազուադէպ կը պատասխանէին Ճափոնի  յարձակումներուն, սակայն մրցումի  80-րդ վայրկեանին պատահեցաւ անակնկալ մը, երբ  Քէյշըր ֆուլեր գրաւեց Ճափոնի բերդը` պատմական յաղթանակ մը շնորհելով իր երկրին: Ճափոն կրնար խուսափիլ  պարտութենէն, սակայն ֆութպոլային բախտը Քոսթա Ռիքային ժպտաց:

Աւստրալիա Յաղթեց  Թունուզին

Մոնտիալ 2022-ի Դ. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն, Աւստրալիա նուազագոյն` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թունուզը: Մրցումը տեղի ունեցաւ «Ժունուպ» մարզադաշտին մէջ, 41.823  մարզասէրներու  ներկայութեան: Միչըլ Տիուքի Ա. կիսախաղի  23- րդ վայրկեանին նշանակած կոլը կարեւոր երեք կէտեր շնորհեց աւստրալիացիներուն:

Աւստրալիոյ  հաւաքականը երկու մրցումներէ ետք երեք կէտով կը գրաւէ Դ. խմբակին  երկրորդ դիրքը:

Արժանթին Վստահ Յաղթանակ Տօնեց
Մեքսիքոյի Դէմ

Մոնտիալ 2022-ի Գ. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն, Արժանթինի հաւաքականը 2-0  արդիւնքով համոզիչ յաղթանակ մը տարաւ Մեքսիքոյի  դէմ, 88.966 մարզասէրներու առջեւ, «Լուսայլ» մարզադաշտին մէջ:

Առաջին կիսախաղը առանց կոլի աւարտելէ  ետք, Բ. կիսախաղի  64-րդ վայրկեանին Լիոնել Մեսսի նշանակեց հարաւամերիկացիներուն առաջին կոլը: 87-րդ վայրկեանին, Մեսսիի մէկ փոխանցումին շնորհիւ Ֆերնանտեզ  կրկնապատկեց  հաշիւը եւ ամրագրեց  Արժանթինի  յաղթանակը:

Ֆրանսա – Դանիա  2-1

Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան  Դ. խմբակի  երկրորդ  փուլի մրցումներուն, շնորհիւ  Կիլիան  Ըմպապէի նշանակած  երկու կոլերուն, Ֆրանսա` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Դանիան: Մրցումը տեղի ունեցաւ  «974»  մարզադաշտին մէջ,  42.860  մարզասէրներու ներկայութեան:

Մրցումին առաջին  խաղակէսը առանց կոլի աւարտելէ ետք,  Բ. կիսախաղի 61-րդ  վայրկեանի Կիլիան Ըմպապէ  նշանակեց ֆրանսացիներուն առաջին կոլը:  Դանիոյ հակազդեցութիւնը չուշացաւ: 68-րդ  վայրկեանին Քրիսթիանսըն հաւասարեցուց  հաշիւը: Սակայն մրցումին վերջին խօսքը  ֆրանսացիներուն կը պատկանէր: Կիլիան  Ըմպապէի  86-րդ վայրկեանին նշանակած  կոլը  կարեւոր երեք կէտեր շնորհեց Ֆրանսայի հաւաքականին:

Փաստօրէն, երկու հանդիպումներէն  վեց կէտ ապահոված  Ֆրանսայի հաւաքականը ինքնաբերաբար ապահոված է Մոնտիալի յաջորդ   փուլին մասնակցելու ուղեգիրը:

Լեհաստան Պարտութեան Մատնեց Սէուտական Արաբիան.
Լեվանտովսքի   Հաւասարեցաւ Փելէի Մրցանիշին

Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան  Գ. խմբակի փուլային մրցումներուն  ընթացքին, Լեհաստան` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սէուտական Արաբիան:  Հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Էճուքէյշըն Սիթի» մարզադաշտին մէջ, 44.259  մարզասէրներու ներկայութեան: Փիոթր Զելենսքի 39-րդ  վայրկեանին յառաջ մղեց Լեհաստանը:  Ա.  կիսախաղի վերջին վայրկեանին  իրաւարարը   փենալթի հարուած մը շնորհեց Սէուտական Արաբիային, սակայն Լեհաստանի բերդապահը զսպեց հարուածը:

Բ. կիսախաղը  ընթացաւ  լեհերուն տիրապետութեան տակ: Մրցումի 82-րդ վայրկեանին Ռոպերթ  Լեվանտովսքի   նշանակեց  Լեհաստանի երկրորդ կոլը, որ  միաժամանակ դարձաւ իր ասպարէզին 600-րդը   եւ Լեհաստանի շապիկով միջազգային  մրցումներու ընթացքին  77-րդը  կոլը` հաւասարելով  Փելէի  մրցանիշին:

Լեհաստան 4 կէտով կը  գլխաւորէ  Գ. խմբակը: Արժանթին  եւ Սէուտական Արաբիա`  3,  Մեքսիքօ` 1:

Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2022-ի Մրցումներուն Յայտագիրը

Ա. ԽՄԲԱԿ

Էքուատոր ընդդէմ Սենեկալ`

ժամը 17:00

Հոլանտա ընդդէմ Քաթար`

ժամը 17:00

Բ. ԽՄԲԱԿ

Իրան ընդդէմ Միացեալ Նահանգներ`

ժամը 21:00

Կալես ընդդէմ Անգլիա`

ժամը 21:00

 

Նախորդը

Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի Դարպասը» Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Լիբանանահայ Հանրութեան Եւ Աշակերտութեան

Յաջորդը

«Օրիոն» Տիեզերական Սարքը Երկիր Ուղարկած Է Լուսինի Մակերեւոյթի Ուշագրաւ Լուսանկարներ

RelatedPosts

Ասիոյ Երիտասարդներու Խաղեր.  Հալա Մեքտաշի Արծաթէ Մետալակիր
Մարզական

Ասիոյ Երիտասարդներու Խաղեր. Հալա Մեքտաշի Արծաթէ Մետալակիր

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նարեկ Գրիգորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Նարեկ Գրիգորեան Կոլ Նշանակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
Հայկ Մուսախանեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Հայկ Մուսախանեան Կոլ Նշանակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?