Օրերս Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի կ՛ունենան սուսերամարտի պատանիներու միջազգային մրցաշարներ, ինչպէս նաեւ 14 տարեկանէն փոքրերու Եւրոպայի ախոյեանութիւն:
Հայաստանի հաւաքականը մասնակցեցաւ զոյգ մրցաշարքերուն: Արսէն Դադայեան շահեցաւ ոսկի մետալ: Գագիկ Մորիկեան եւ Սերկէյ Սեթոյեան` պրոնզ:
14 տարեկանէն փոքրերու մրցաշարքին Յակոբ Մանուկեան նուաճեց ոսկի մետալ, Նայիրի Ձալիբէկեան` պրոնզ: