Հայաստանի ուժային եռամարտի հաւաքականը Լեհաստանի Շետլեց քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ XPC վարկածով աշխարհի բաժակի մրցումներուն եւ նուաճեց 16 ոսկիէ մետալ:
Մեծահասակներուն մէջ, Արա Խաչատրեան (90 քկ) համաշխարհային մրցանիշ մը հաստատեց եւ դարձաւ բաժակի մրցաշարքի բացարձակ յաղթող: Պատանիներուն մէջ, Աշոտ Պետրոսեան (90 քկ) նոյնպէս դարձաւ բացարձակ յաղթող:
Կիներու մրցումներուն Ժաննա Շահնազարեան դարձաւ աշխարհի քառեակի ախոյեան:
Աշխարհի բաժակի մրցումներուն մասնակցեցան 15 երկիրներու 600 մարզիկներ: