Սպանիոյ Լա Նուսիա քաղաքին մէջ կայացան բռնցքամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան մրցումները:
Հայաստանի ներկայացուցիչ, Եւրոպայի այժմու ախոյեան Էրիք Իսրայէլեան 60 քկ ծանրութեան կարգի մրցումներուն հասաւ աւարտականին, պարտութեան մատնեց Վրաստանը ներկայացնող իր մրցակիցը եւ շահեցաւ ախոյանութեան տիտղոսը: