Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը դատական հայց պիտի բարձրացնէ փորթուգալցի յարձակող Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի դէմ: Վերջինս հարցազրոյցի մը մէջ քննադատած էր ակումբի ղեկավարութիւնը` աւելցնելով նաեւ, որ չէր յարգեր խումբի գլխաւոր մարզիչ Էրիք Տեն Հաակը:
Ակումբին կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Մանչեսթըր Եունայթըտ համապատասխան քայլերու ձեռնարկած է` կապուած Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի վերջին հարցազրոյցին հետ: Ակումբը ոչ մէկ մեկնաբանութիւն պիտի կատարէ, մինչեւ դատական գործընթացին աւարտը»:
Ռոնալտօ այս օրերուն Փորթուգալի հաւաքականին հետ կը պատրաստուի Մոնտիալ 2022-ին: