Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Փորթուգալի ազգային խումբի յարձակող Քրիսթիանօ Ռոնալտօ անակնկալ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ Քաթարի մէջ` անդրադառնալով անգլիական ակումբին ղեկավարութեան հետ ծագած վէճին:
Ռոնալտօ ըսաւ, թէ գիտէ ե՛րբ պիտի խօսի իր հասցէին վերագրուող ամբաստանութիւններուն մասին: 37-ամեայ աստղը կրկնեց, որ «Կարմիր սատանաներ»-ու ղեկավարութիւնը դաւաճանութիւն գործած էր իր անձին դէմ` աւելցնելով, թէ ոչ մէկ յարգանք ունէր մարզիչ Էրիք Սեն Հաակի նկատմամբ:
Ռոնալտօ նշեց, թէ վէճը ազդեցութիւն պիտի չունենայ Փորթուգալի հաւաքականին հետ իր ելոյթներուն վրայ: