Ըստ ֆութպոլային դիտակ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, Լոնտոնի Չելսին երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն մը համաձայնած է կնքել Տինամօ Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ հաւաքականի կիսապաշտպան Արսէն Զախարեանի հետ:
Ռոմանօ կ՛աւելցնէ, թէ Չելսի կը շարունակէ լրումին հասցնել բանակցութիւնները, որպէսզի Զախարեան յառաջիկայ տարեշրջանին կրէ լոնտոնեան ակումբին կապոյտ շապիկը:


