Հոլանտա Եւ Սենեկալ Անցան
Փլէյ Օֆի Փուլ
Մոնտիալ 2022-ի Ա. խմբակի երրորդ փուլի մրցումներուն, Հոլանտա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քաթարը եւ ապահովեց Փլէյ օֆի փուլի ուղեգիրը (կիսախաղ` 1-0): Քոտի Քափքօ եւ Ֆրենքիտը Եոնկ նշանակեցին Հոլանտայի կոլերը: Մրցումը տեղի ունեցաւ «Պայթ» մարզադաշտին մէջ, 66.784 մարզասէրներու ներկայութեան:
Իր կարգին, Սենեկալ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էքուատորը եւ ապահովեց ուղեգիրը:
Ատորեւ, Ա. խմբակի ընդհանուր դասաւորումը
1.- Հոլանտա 3 մրցում 7 կէտ
2.- Սենեկալ 3 մրցում 6 կէտ
3.- Էքուատոր 3 մրցում 4 կէտ
4.- Քաթար 3 մրցում 0 կէտ
Փորթուգալ Եւ Պրազիլ
Ապահովեցին Փլէյ – Օֆի Ուղեգիր
Փուրթուգալ – Ուրուկուէյ 2 -0
Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան խմբային փուլի երկրորդ շրջանի մրցումներուն գծով, Ը. խմբակին մէջ իրար դէմ մրցեցան Փորթուգալը եւ Ուրուկուէյը:
Մրցումին առաջին սուլիչէն մինչեւ աւարտը Փորթուգալ մնաց տիրապետող: Առաջին խաղակէսը առանց կոլի աւարտելէ ետք, Բ. կիսախաղին փորթուգալցիները դարձեալ իրենց տիրապետութեան տակ վերցուցին դաշտին կեդրոնը: 54-րդ վայրկեանին Պրունօ Ֆերնանտեզ նշանակեց մրցումին եւ Փորթուգալի կոլը: Ուրուկուէյ հակազդեց, սակայն ձողը եւ բերդապահ Տիոկօ Քոսթան փրկեցին դրութիւնը: Բայց իրաւարարին աւելցուցած վայրկեաններուն ընթացքին Փորթուգալ փենալթի հարուածի իրաւունք ստացաւ: Պրունօ Ֆերնանտեզ կոլի վերածեց փենալթին: Ճակատումը աւարտեցաւ` 2-0 արդիւնքով Փորթուգալի արժանի յաղթանակով: Փորթուգալի հաւաքականը կ՛արձանագրէր երկրորդ յաղթանակը:
Մրցումը տեղի ունեցաւ «Լուսայլ» մարզադաշտին մէջ, 88.668 մարզասէրներու ներկայութեան:
Շնորհիւ այս յաղթանակին, Փորթուգալ կէտով մը կը գլխաւորէ Ը. խմբակը: Ղանա ունի երեք կէտ, Ուրուկուէյ եւ Հարաւային Քորէա` մէկ:
Փորթուգալի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Հարաւային Քորէան: Ղանա Ուրուկուէյի դէմ պիտի մրցի:
Պրազիլ – Զուիցերիա 1 – 0
Պրազիլի հաւաքականը յաջորդական երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց «974» մարզադաշտին մէջ, 43.649 մարզասէրներու ներկայութեան` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Զուիցերիան: Պրազիլցիները յարձակումներու տարափ մը տեղացուցին Զուիցերիոյ բերդին վրայ, սակայն միայն մէկ կոլ յաջողեցան նշանակել մրցակիցի բերդին մէջ: Կոլի հեղինակ դարձաւ Քարլոս Քազեմիրոն, Վինիսիուսի փոխանցումէն ետք:
Պրազիլի հաւաքականը երկու հանդիպումներէ ետք հաւաքած է վեց կէտ: Զուիցերիա ունի երեք կէտ: Քամերուն եւ Սերպիա` մէկ: