Մոնտիալ 2022-ը կ՛ընթանայ դիտարժան հանդիպումներով եւ յիշարժան փաստերով: Մարզասէրներուն համար երկար ժամանակ անհասկնալի պիտի մնայ Սէուտական Արաբիոյ առջեւ Արժանթինի պարտութիւնը: Նոյնքան եւ անակնկալ էր Գերմանիոյ պարտութիւնը Ճափոնէն:
Յիշարժան իրադարձութիւններէն կարելի է յիշատակել Աւստրալիոյ դէմ երկու կոլի հեղինակ Ֆրանսայի հաւաքականի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրուի խաղարկութիւնը: Վերջինս հաւաքականի շապիկով նշանակած իր կոլերուն թիւը բարձրացուց 51-ի: Այդ ցուցանիշով ան հաւասարեցաւ Ֆրանսայի հաւաքականի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբարկու Թիերի Հանրիին: Կոլ մը եւս` Ժիրու պիտի դառնայ Ֆրանսայի հաւաքականի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն: Այս մէկը չի բացառուիր Մոնտիալ 2022-ի ընթացքին:
Քոսթա Ռիքայի բերդը գրաւող Սպանիոյ հաւաքականի 18-ամեայ եւ 110 օրական միջնապահ Կաւի դարձաւ Մոնտիալի պատմութեան ամէնէն երիտասարդ կոլ նշանակող ֆութպոլիստը, Փելէէն ետք: Փելէ 17 տարեկան եւ 249 օրական էր, երբ 1958-ի Մոնտիալին Շուէտի դէմ Պրազիլի արձանագրած 5-2 յաղթանակին նշանակեց կոլ մը:
Մոնտիալ 2022- ն նաեւ զերծ չէ քաղաքական իրադարձութիւններէն: Իրանի ազգային խումբին մարզիկները Անգլիոյ դէմ մրցումին մերժեցին երգել իրենց երկրին քայլերգը` աջակցութիւն յայտնելով հակակառավարական ցոյցերու մասնակցողներուն:
Զուիցերիա Յաղթեց Քամերունին
Երէկ` հինգշաբթի, 24 նոյեմբերին Մոնտիալ 2022-ի Է. խմբակի առաջին փուլի մրցումներուն Զուիցերիա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քամերունը (կիսախաղ` 0-0): Զուիցերիոյ կոլը նշանակեց Պրիլ Էմպոլոն, 48-րդ վայրկեանին:
Մրցումը տեղի ունեցաւ Վաքրան քաղաքի «Ժունուպ» մարզադաշտին մէջ, 39.089 մարզասէրներու ներկայութեան:
Սոյն խմբակի երկրորդ փուլի հանդիպումները պիտի կայանան 28 նոյեմբերին. Քամերուն ընդդէմ Սերպիա, Պրազիլ ընդդէմ Զուիցերիա:
Ուրուկուէյ–Հարաւային Քորէա 0 – 0
Դարձեալ երէկ, Ը. խմբակի առաջին փուլի մրցումներուն Ուրուկուէյ-Հարաւային Քորէա ճակատումի առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ
0-0 հաւասարութեամբ: Երկրորդ կիսախաղին արդիւնքը մնաց անփոփոխ: Մրցումը տեղի ունեցաւ «Էճուքէյշըն Սիթի» մարզադաշտին մէջ, 41.663 մարզասէրներու ներկայութեան:
Պելճիքա Յաղթանակով Սկսաւ
Մոնտիալ 2022-ը
Զ. խմբակին մէջ, Պելճիքայի հաւաքականը յաղթանակով սկսաւ Մոնտիալ 2022-ի արշաւը, երբ «Ահմետ Պըն Ալի» մարզադաշտին մէջ, 40.432 մարզասէրներու ներկայութեան, 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քանատան: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Միքի Պաթշուայ` 44-րդ վայրկեանին: Ա. կիսախաղի 11-րդ վայրկեանին քանատացիները ձախողեցան կոլի վերածել իրենց շնորհուած փենալթի հարուած մը:
Սոյն խմբակին երկրորդ փուլի մրցումները տեղի պիտի ունենան 27 նոյեմբերին. Պելճիքա պիտի մրցի Մարոքի դէմ, Քանատա` Խրուաթիոյ:
Սպանիա–Քոսթա Ռիքա 7- 0
Ե. խմբակի առաջին փուլի մրցումներուն ծիրին մէջ, Տոհայի «Թումամա» մարզադաշտին մէջ, Սպանիոյ հաւաքականը եօթը անպատասխան գնդակ զետեղեց Քոսթա Ռիքայի բերդին մէջ: Ա. կիսախաղ` 3-0:
Օլմօ, Ասենիօ, Թորես (2 ), Կաւի, Սոլար եւ Մորաթա նշանակեցին Սպանիոյ կոլերը:
Ե. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումները տեղի պիտի ունենան 27 նոյեմբերին. Գերմանիա ընդդէմ Սպանիա, Ճափոն ընդդէմ Քոսթա Ռիքա:
Այսօրուան Մրցումներուն Յայտագիրը
Ա. խմբակ | |
Քաթար ընդդէմ Սենեկալ` | ժամը 15:00 |
Հոլանտա ընդդէմ Էքուատոր` | ժամը 18:00 |
Բ. խմբակ | |
Կալես ընդդէմ Իրան` | ժամը 12:00 |
Անգլիա ընդդէմ Միացեալ Նահանգներ` | ժամը 21:00 |