Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երեք թեկնածուներ նկատի առնուած են Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնին համար, եթէ այժմու մարզիչ Կերըթ Սաութկէյթ որոշէ ներկայացնել իր հրաժարականը:
Անգլիական «Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ նկատի առնուած երեք թեկնածուներն են` Թոմաս Թուխել, Մաուրիցիօ Փոքեթինօ եւ Պրենտըն Ռոճըրրս:
Սաութկէյթ ցարդ որոշում չէ տուած իր ապագային վերաբերեալ, հակառակ անոր որ մինչեւ 2024-ի ամառը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է ֆետերասիոնին հետ:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, ֆետերասիոնը կ՛ուզէ, որ Սաութկէյթ մնայ իր պաշտօնին վրայ:
Քաթար-2022-ի Մոնտիալին Անգլիա հասաւ մինչեւ քառորդ աւարտական, ուր պարտուեցաւ Ֆրանսայէն:


