Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ` Ֆերնանտօ Սանթոս ներկայացուց իր հրաժարականը:
Կողմերը այս որոշումին յանգեցան Փորթուգալի` 2022-ի Մոնտիալէն դուրս մնալու արդիւնքին լոյսին տակ:
68 տարեկան մասնագէտին կնքած պայմանագրութիւնը թէեւ ուժի մէջ էր մինչեւ 2024, սակայն փոխադարձ համաձայնութեամբ այդ պայմանագրութիւնը խզուեցաւ:
Ան 2014-էն ի վեր կը գլխաւորէ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբը:


