Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Արարատ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ շարք մը ֆութպոլիստներ հեռացան ակումբէն:
Խումբէն հեռացած մարզիկները հանդիսացան Խուան Պրաւօ, Էտկար Մալաքեան, Ալիկ Առաքելեան, Արտեոմ Փոթափով, Արման Մկրտչեան, Պապու Չամ եւ Թիմուր Փուխով:
2020-2021 տարեշրջանէն առաջ Արարատին միացած Մալաքեան խումբին հետ 59 մրցումի ընթացքին նշանակեց 10 կոլ եւ Արարատի հետ դարձաւ Հայաստանի բաժակակիր:


